Haigazian Armenian School Performance

Event details

  • May 22, 2022
  • 1:00 pm
  • 8701 Ridge Ave. Phila, PA 19128
  • 215-482-9200

On Sunday, May 22, the Haigazian Armenian Day school held its Hantes right after Church services at 1:00 pm, with the participation of parents, families, friends and all those who believe in the mission of the Armenian school.

Our students presented the fruits of their one-year study and work through poems, songs, games and readings. This proves how important and relevant is our Armenian day school and what kind of a work is done in its classrooms every single week.

On this occasion, different individuals and families had prepared delicious foods, and everyone had a nice luncheon.

We would like to thank the teachers and the Board of the school, as well as the parents, for their hard work, dedication, and for entrusting their children to the Armenian school, for the sake of learning our beautiful language and rich culture.

 

Կիրակի, Մայիս 22-ը յատուկ օր մըն էր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին համար, քանի որ բոլորս ակնդէտ կը սպասէինք մեր սիրելի Հայկազեան Ամէնօրեայ Վարժարանի աշակերտներու հանդէսին, որ տեղի ունեցաւ կ.ե. ժամը 1:00-ին, ծնողներու, ընտանիքներու, բարեկամներու ու Հայ դպրոցի հայեցի դաստիարակութեան առաքելութեան հաւատացող մասնակիցներու ներկայութեամբ:

Մեր աշակերտները արտասանութեամբ, երգով, ընթերցումով ու փոքր խաղերով ներկայացուցին իրենց միամեայ աշխատանքին արգասիքը ու անգամ մը եւս փաստեցին, որ մեր Եկեղեցւոյ յարկին տակ տարուած աշխատանքը արդիւնաւոր է եւ իրերայաջորդ սերունդներու հայերէն լեզուն ու մշակոյթը սիրելու գրաւականը: Այս առիթով մասնակիցներ կատարեցին ինքնաբուխ նուիրատուութիւններ՝ ի նպաստ Վարժարանին յառաջիկայ ծրագիրներուն: Տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:

Նշենք, որ տարբեր անհատներ եւ ընտանիքներ պատրաստած ու իրենց հետ բերած էին համեղ ճաշեր, որոնց հիւրասիրումով յայտագիրը եւս ճոխացաւ:

Ի սրտէ կ’ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել Վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին ու խնամակալութեան, ինչպէս նաեւ մեր աշակերտներու ծնողներուն, որոնց անձնդիր աշխատանքով, յարատեւութեամբ ու զոհողութեամբ տարուէ տարի կը շարունակենք վայելել բարիքները Հայկազեան Ամէնօրեայ Վարժարանին: Բոլորին վարձքը կատար: